2014-11-10 08:19:13

Զմմառ. Անուանակոչութիւն` Ս. Միքայէլ ընծայարանի


Շաբաթ, 8 նոյեմբեր 2014-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Զմմառեան միաբանութեան մայրավանքի վերափոխման Ս. Կուսին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, որ մատուցեց Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեան: Ան իր քարոզին մէջ հրեշտակապետերու կարեւորութեան շուրջ մեկնաբանութիւն մը ըրաւ, ապա շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն Գաբրիէլ, Միքայէլ եւ Ռաֆայէլ անունները եւ մաղթեց, որ ընծայարանը միեւնոյն թափով շարունակէ ծաղկիլ եւ բարգաւաճիլ սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետին հովանիին ներքոյ: Գերապայծառը աւելցուց. «Բոլորեցինք 50 տարիները եւ Աստուծմով կանգուն պիտի մնանք ու դիմագրաւենք բոլոր փոթորիկները ու դիմաւորենք նորանոր ամեակներ, քանի դեռ հայու սիրտը հայօրէն եւ քրիստոնէավայել կը տրոփէ: Ուրեմն եկէ՛ք հաւատարիմ մնանք մեր Զմմառեան ուխտին եւ պատուանդանի վրայ պահենք մեր պապերէն մեզի կտակ մնացած սոյն միաբանութիւնը»:
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին ներկաները հիւրընկալուեցան ընծայարանի սեղանատունը: Հանդիսավար Լեւոն Ստեփան ողջունեց ներկաները: Բացման խօսքին մէջ Յովհաննէս Չագըրեան ակնարկութիւն մը կատարեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակուելուն շուրջ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան ծաւալած աշխատանքին եւ աւելցուց, թէ «յայտագիրը խօսուն դարձնելու միտումով, իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան պիտի զուգակցի տուեալ հեղինակի ստեղծագործութենէն` ձեռագիր մատեանի նմուշներ, որոնք մեծ խնամքով պահպանուած են միաբանութեանս մատենադարանին մէջ: Անոնցմով Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան մատենադարանը հայրենի եւ սփիւռքի հայագէտներուն կողմէ դասուած է հայոց 5-րդ հայագիտական կեդրոնը: Մեր նպատակն է պեղել մատենադարանիս մէջ գտնուող միջնադարեան գանձերը եւ մատուցել այնտեղ անթեղուած գոհարները, որոնք մեր ազգի հոգեւոր հարստութիւններն ու հպարտանքն են»:
Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան մատենադարանին մէջ խնամքով պահուած ձեռագիր նմուշներ:
Այնուհետեւ ընծայարանի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան փոխանցեց տեսչութեան խօսքը: Ան յորդորեց սաներուն ըլլալ հաւատարիմ միաբաններ: Ապա, ան ընծայարանին անուանակոչութիւնը շնորհաւորելով եզրափակեց խօսքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.